Skip to main content

Text Resize

-A +A

Արեւմտահայերէնը՝ Պետական Լեզու

Submissions for this form are closed.
PrintPrintSendSendPDFPDF
Հեղինակ՝ Վրէժ-Արմէն, Հորիզոն,  Մոնթրէալ, 4 Յունուար 2010

Մեր հողերը պահանջելու չափ կարեւոր ու կենսական է մեր լեզուն, այս պարագային՝ արեւմտահայերէ՛նը պահելու, պահպանելու պահանջքը՝ մեր ազգի վերապրումը ապահովելու համար: Տարբերութիւնը այն է, որ առաջինին՝ Արեւմտեան Հայաստանի պատմական հողատարածքներուն պարագային, ուրիշէն է, որ կը պահանջենք, մինչ երկրորդին՝ լեզուի պարագային, «ուրիշը» չկայ, մենք մեզմէ' պիտի պահանջենք:

Այս հարցին մէջ երկմտանքը մահացու է - լինե՞լ թէ չլինել:

Չլինելու հարց չի կրնար դրուիլ, որովհետեւ այդ կը նշանակէ չըլլալ, գոյութիւն չունենալ: Լեզուն չպահելը մեր՝ սփիւռքացած արեւմտահայութեան վերջին ամրոցը յանձնել, անձնատուր ըլլալ կը նշանակէ:

Չեմ արծարծեր ընդհանրապէ'ս հայերէնը պահելու հարցը. արեւելահայերէնն ալ վտանգուած է, վկայ՝ Հայաստանի մէջ լեզուի կացութիւնը, բայց այդ մասին՝ այլ առիթով: Հոն աղաւաղումն է, որ իր մահացու դերը կը խաղայ, մինչ հոս ամբողջովին անհետանալու սպառնալիքը:

Ի հարկէ ազգ մը իր ամբողջութեամբ է պատասխանատու իր լեզուական ժառանգութիւնը պահելու եւ զարգացնելու կապակցաբար:

Արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը, յառաջացած են մեր ճակատագրին բերմամբ, այլեւ այդ ժառանգութեան երկու հիմնական գանձերն են, երրորդը ըլլալով գրաբարը, որուն պահպանումն ալ այլ խնդիր է, եւ այլ արծարծման արժանի:

Այո, Սփիւռք եւ Հայրենիք միասնաբար պարտաւոր են արեւմտահայերէնի գոյութիւնը ապահովելու: Ատիկա ոչ միայն մշակութային հարց է, այլեւ քաղաքական. Հայ դատի մէկ տարբեր երեսն է, աւելի ճիշդ՝ մի՛ւս երեսն է:

Սփիւռքը այս ուղղութեամբ կատարեր է իր կարելին՝ աւելի քան մէկուկէս դարէ ի վեր: Ես մասնակից եմ եղեր իմ յաճախած վարժարանի՝ Գահիրէի Գալուստեան ազգային վարժարանի 100-ամեակի տօնակատարութեան, 1954-ին... Իր դպրոցներու ցանցով, ակումբներով, եկեղեցիներով, մամուլով եւ հրատարակութիւններով սփիւռքահայութիւնը իր լեզուն պահելու, նոյնիսկ զարգացնելու հսկայ ճիգ է ըրեր՝ հայրենի անկախ պետականութեան բացակայութեան իսկ:

Այժմ, սակայն, երբ կա'յ այդ պետականութիւնը, կա'յ անկախ հայ պետութիւն մը, արեւմտահայերէնի տիրութիւնը տարբեր մակարդակի վրայ պէտք է դրուի:

Առաջին հերթին՝ կրթական մակարդակի վրայ: Երեւանի պետական համալսարանը, ընդառաջելով Սփիւռքի խնդրանք-պահանջքին, ի վերջոյ ստեղծեց յարմարութիւն մը - բաժանմո՞ւնք մը, բաժի՞ն մը, թէ՞ ամպիոն մը, ճիշդ անուանումը չեմ գիտեր -, ուր կը յուսամ կարելի պիտի ըլլայ ուսանիլ արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայ գրականութիւն, ուր կրնան մասնագիտանալ հայերէնի ապագայ ուսուցիչները Սփիւռքի վարժարաններուն համար: Եւ ինչո՞ւ միայն Սփիւռքի: Հայաստանի մէջ եւս արեւմտահայերէնի դասաւանդում պէտք է ըլլայ, յատկապէս բանասէրներուն ու Սփիւռքի հետ հաղորդակցող պաշտօնէութեան համար:

Այստեղ անգամ մը եւս կը շեշտուի կարեւորութիւնը ուղղագրութեան, որուն երկուութիւնը խոչընդոտ մըն է Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ, որ տակաւին կը սպասէ իր բարւոք լուծման: Մէկ (եւ ըստ այս գրողի կարծիքին՝ Մեսրոպեան, դասական, կամ անոր շատ մօտ) ուղղագրութիւն ունենալու ենք նաեւ համակարգչային ու համացանցային հաղորդակցութիւններու դիւրութեան համար, բայց այդ արդէն միայն արեւմտահայերէնի հարցը չէ:

Երկրորդ՝ Սփիւռքի հետ կապը, թէ՛ դեսպանատուներու ճամբով, թէ՛ նախարարութիւններու, թէ ալ մանաւանդ Սփիւռքի նախարարութեան՝ ըլլալու է նաե'ւ արեւմտահայերէնով, յատկապէս արեւմտահայերէնով, այս ձեւով նպաստելով, որ ան ըլլայ կենդանի, առօրեայ գործածութեան լեզու, լեզու՝ որով Հայաստան կը հաղորդակցի իր վտարանդի զաւակներուն հետ, անոնք իր պաշտօնական, գրանցուած քաղաքացիները ըլլան կամ ոչ:

Նոյնը՝ Սփիւռք հեռարձակուող ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի յայտագիրներու պարագային:

Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է, որ բոլոր վերոյիշեալ միջոցառումներէն անդին, արեւմտահայերէնը, արեւելահայերէնին հետ հաւասար իրաւունքով, հռչակուի ՊԵՏԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ:

Շատ երկիրներ երկու, երբեմն ալ աւելի լեզուներով կը հաղորդակցին իրենց հպատակներուն հետ: Հայաստան նոյնը պէտք է հասնի ընելու՝ եթէ հայ մշակութային ամբողջ ժառանգութեան տէր պիտի կանգնի:

Բայց մանաւանդ մեր ԴԱՏին տէր պիտի կանգնի:

Սփիւռքը այս առնչութեամբ միշտ պահանջատէրի դիրքին մէջ պէտք է գտնուի ՀՀ պետութեան նկատմամբ, սակայն նաեւ իր կարելին ընէ՝ աջակցելու անոր, որպէսզի այս առաքելութիւնը ան կարենայ ի կատար ածել:

Արեւմտահայերէնի վերապրումը եւ Սփիւռքի վերապրումը անքակտելիօրէն առնչուած են իրարու:

Քանի ժամանակը կ՚անցնի ու հայութիւնը, իր մեծ մասով կը մնայ ցրուած ու կը շարունակէ ցրուիլ աշխարհով մէկ՝ Հայ դատի հետապնդումը եւ լուծումը աւելի ու աւելի կախում կ՚ունենայ ոչ միայն մեր քաղաքական ճիգերէն, այլեւ ու մանաւանդ մեր մշակութային ճիգերէն, որոնց կարգին առաջին գծի վրայ կու գայ արեւմտահայերէնի վերապրումը:

 
Share this
Your rating: None Average: 4.7 (6 votes)

Comments

Շատ հետաքրքիր առաջարկ էր


Շատ հետաքրքիր առաջարկ էր արեւմտահայերենը երկրորդ պետական լեզու հռչակելը: Երբեք մտքովս չէր անցել, շատ ճիշտ եք: Դասական ուղղագրութեան խնդիրը մի քիչ դժվար է, Հայաստանի ժողովրդին պէտք է նախ հասկացնել ինչ է դասական ուղղագրութիւնը: Հավատացեք չեն հասկանում:

Ես շատ եմ սիրում արեւտահայերենը , իր մէջ մեղեդի կայ: Հիմա սովորում եմ գրել դասականով:

Չնայած նրան որ Հայաստանում

Չնայած նրան որ Հայաստանում դասավանդում են արևմտահայերեն լեզուն և գրականությունը հա՛մ դպրոցներում հա՛մ համալսարաններում, հայաստանցիների համար ոչ մի իմաստ չկա արևմտահայերեն բարբառը վերակենդանացնել և օգտագործել առօրյա կյանքում, քանի որ արևելահայերենը բավարարում է բոլոր պահանջները։

Իսկ սփյուրքը իր հերթին կամաց-կամաց մոռանում է արևմտահայերենը։

Այս բաները հաշվի առնելով արևմտահայերեն բարբառի մահը անխուսափելի է, բայց ես դրա մեջ ոչ մի ողբերգություն չեմ տեսնում։

«ոչ մի ողբերգութիւն չեմ տեսնում»...


Այո, արեւմտահայերէն «բարբառի» մահը անխուսափելի է, որովհետեւ նոյնինքն սփիւռքի մահը անխուսափելի է։ Բայց նոյն տրամաբանութեամբ,  արեւմտահայերէնէն ետք, թերեւս անկէ ալ առաջ, անխուսափելի է մահը նաեւ սփիւռքի մէջ խօսուող արեւելահայերէնին, որովհետեւ անխուսափելի է մահը այն 2 միլիոնին, որոնք Հայաստանէն հեռացան վերջին 20 տարիներուն։ Իսկ հայկական իմաստով ողջ կը մնան միայն այն երկու միլիոնը, որոնք կը բնակին Հայաստանի մէջ։ Բայց այս կացութեան դիմաց ես չեմ կրնար ըսել «ոչ մի ողբերգութիւն չեմ տեսնում»...։

"Քանի ժամանակը կ՚անցնի


"Քանի ժամանակը կ՚անցնի ու հայութիւնը, իր մեծ մասով կը մնայ ցրուած ու կը շարունակէ ցրուիլ աշխարհով մէկ՝ Հայ դատի հետապնդումը եւ լուծումը աւելի ու աւելի կախում կ՚ունենայ ոչ միայն մեր քաղաքական ճիգերէն, այլեւ ու մանաւանդ մեր մշակութային ճիգերէն, որոնց կարգին առաջին գծի վրայ կու գայ արեւմտահայերէնի վերապրումը:"

Համաձայն չեմ։  Լուծումն է Հայաստանի մէջ ստեղծել օրինաւոր պետութիւն ու տնտեսութիւն եւ ոչնչացնել կաշառակերութիւնը։

Post new comment

Note
This site is moderated. Comments will be posted within 24 hours. Postings with inappropriate or irrelevant content will be deleted. Thank you for your understanding.
The content of this field is kept private and will not be shown publicly.
CAPTCHA
This question is to prevent automated spam submissions.
Image CAPTCHA
Enter the characters shown in the image.